2017-01-10 12:21:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայաետին քարոզը` ''Յիսուս կը ծառայէր ժողովուրդին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, Յունուար 10ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզեց՝ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Աւետարանի պատգամը։

Մարկոս Աւետարանիչ կը պատմէ դիւահարի մը բուժումի մասին, զոր Յիսուս կը կատարէ ժողովարանի մէջ, շաբաթ օրով (Մրկ Ա. 21-28)։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ Յիսուս կը ծառայէր ժողովուրդին եւ կ՛ուսուցանէր։ Ան մարդոց կը մօտենար ծառայողի կեցուածքով։ Այս հանգամանքը Անոր հեղինակութիւն կը շնորհէր – ինչպէս աւետարանիչը կ’ըսէ. “Ամէնքը կը զարմանային անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ կը սորվեցնէր հեղինակութիւն ունեցող մարդու՝ եւ ոչ դպիրներու նման … Ամէնքն ալ այնքան զարմացած էին, որ իրարու կ’ըսէին. ’ի՞նչ է ասիկա. ահաւասիկ նոր վարդապետութիւն մը՝ տրուած իշխանութեամբ’։”

Մինչ դպիրները, յարգանք կը վայելէին ժողովուրդի կողմէ, սակայն ժողովուրդը անոնց մէջ չէր տեսներ նոյն հեղինակութիւնը, որ անոնք կը տեսնէին Յիսուսի մօտ. որովհետեւ դպիրները ժողովուրդին կը մօտենային իշխողի կեցուածքով, իրենք զիրենք կը նկատէին գերակայ։ Անոնք ժողովուրդի ծառաները չէին, այլ հրամայողները։ Իսկ Յիսուս երբեք իշխանաւորի պէս չէր մօտենար ժողովուրդին, ան կը ծառայէր բոլորին։ Ասոր համար ժողովուրդը կ՛ընկալէր զԱյն իբր հեղինակութիւն։

Դպիրները եւ օրէնուսոյցները ժողովուրդի իրականութենէն հեռու էին, անջատ ժողովուրդի կեանքէն. անոնք մօտկութիւն չունէին։ Մինչ Յիսուս մօտ էր ժողովուրդին, կը գործէր անոնց մէջ, ժամանակ կ’անցընէր անոնց հետ, կը ծառայէր եւ կ’ուսուցանէր։ Անոր ուսուցուման հեղինակութիւնը ինքնին իր ծառայութեան մէջ կը դրսեւորուէր։ Դպիրներուն հոգեբանութիւնը կղերիկոսական էր. անոնք կղերի հոգեբանութեամբ կ’ուսուցանէին եւ կը կիրարկէին իրենց հեղինակութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, թէ ինք կը նախընտրէ ժողովուրդի մօտիկութիւնը։ Այս մօտիկութեան իբր օրինակ ան նշեց Երանելի Պօղոս Զ. քահանայապետի պարագան։ Երանելի քահանայապետին խօսքերուն մէջ երեւան կու գայ ժողովուրդին մօտիկ հովիւի սիրտը։ Ահա հոն է քահանայապետի հեղինակութիւնը՝ ժողովուրդին մօտիկ ըլլալ, իբր ծառայ եւ խոնարհ կեցուածքով։

Նկատի առնելով դպիրներուն յիշեալ կեցուածքը, Յիսուս կը յորդորէր իր առաքեալները. “Ըրէք այն ինչ որ ձեզի կ’ըսեն, բայց մի նմանիք անոնց”։ Յիսուս շատ անգամ զանոնք կը որակէ կեղծաւորներ։ Դպիրները լաւ պատրաստուած ուսուցիչներ էին, սակայն անոնք արտաքինին աւելի կարեւորութիւն կու տային՝ մոռնալով թէ Աստուած ողորմութիւն կ’ուզէ եւ ոչ զոհ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.